ՄԱՍ 2.

ԻՆԵՐՑԻԱՅԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ. Նախորդ գրառման մէջ անդրադարձած էի իներցիայի երեւոյթին եւ նշած, որ (բառացիօրէն կը մէջբերեմ) « իներցիան կը հանդիսանայ սփիւռքի վերակազմակերպման եւ հասարակաց տեսլականներու շուրջ համախմբման գաղափարին խոչընդոտ հանդիսացող առանցքային եւ վճռական գործօնը, մարմնաւորելով բարդ, հոգեբանական եւ ընկերային գործընթացքներ, որոնք կը ստեղծեն փոփոխութեան հանդէպ դժկամութեան եւ անվստահութեան մթնոլորտ, սկսեալ անհատական մակարդակէն մինչեւ համայնքային հաստատութիւններ եւ կազմակերպական-կազմակերպչական համակարգեր»:
Այս բաժինը (Մաս 2) կը կեդրոնանայ սփիւռքի վերակազմակերպման գաղափարին խոչընդոտող հիմնական գործօնին՝ իներցիայի բացասական հետեւանքներու պարզաբանման վրայ՝ լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ վերակազմակերպումը չպէտք է ընկալուի իբրեւ մակերեսային, գեղեցկացուցիչ (cosmetic) փոփոխութիւն, այլ՝ իբրեւ ինքն ըստ ինքեան արժէք:
ԻՆԵՐՑԻԱՅԻ ԽՈՐՔԱՅԻՆ ԵՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ. Իներցիայի բացասական հետեւանքները կրնան խոր եւ անշրջելի ազդեցութիւն ձգել սփիւռքի թէ՛ ներկային եւ թէ՛ ապագային վրայ: Այդ հետեւանքներէն կարելի է առանձնացնել.-
• Նոր սերունդի օտարացումը հայկական միջավայրէն: Երբ գոյութիւն ունեցող կազմակերպչական համակարգերը այլեւս չեն բաւարարեր նոր սերունդի պահանջները եւ աշխատանքային մշակոյթի ակնկալիքները, երբ երիտասարդները թափանցիկ, գործունեայ եւ մասնագիտական մօտեցումներ որդեգրող միջավայր մը չեն գտներ հայկական կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս, անխուսափելիօրէն պիտի հեռանան անոնցմէ:
• Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ դերակատարութեան նուազումը: Արագընթաց փոփոխութիւններու ենթարկուող աշխարհին մէջ ժամանակին հետ քայլ պահելու եւ նորագոյն պայմաններուն յարմարելու ճկունութիւնը չցուցաբերող հին կառոյցներով սփիւռքը ակամայ կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը եւ հիմնաւորուած տեղը (relevance) միջազգային ասպարէզին մէջ, ուր կը պահանջուին, ի շարս այլոց, թուային գործիքակազմի կիրարկումով ժամանակակից ռազմավարութիւններ:
• Հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթի յաջորդ սերունդներուն փոխանցման գործնական դժուարութիւնները: Առանց արդիականացած կառոյցներու եւ թուային ու գիտական միջոցներու որդեգրման, մեր պատմութեան, աւանդոյթներու եւ արժէքներու արդիւնաւէտ փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն կը վտանգուի: Մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանումը կը դառնայ չափազանց դժուար:
• Մասնագիտական կարողութիւններու ամբողջական օգտագործման ձախողումը: Սփիւռքի համայնքներու մէջ կը գործեն բազմաթիւ տաղանդաւոր մասնագէտներ, յաջողած գործարարներ եւ բարձրակարգ մտաւորականներ: Սակայն ներկայի իրենց գործելաոճով հինցած կառոյցները, որոնք չեն համապատասխաներ ժամանակակից պահանջներուն, չեն յաջողիր արդիւնաւէտօրէն օգտագործել այս հսկայական ներուժը՝ ի նպաստ համահայկական նպատակներու իրագործման:
• Համայնքներու միջեւ կապերու ամրապնդման պատեհութիւններու վատնումը: Թուային արհեստագիտութեան դարաշրջանը աննախընթաց հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ աշխարհասփիւռ հայութեան միջեւ կապեր հաստատելու եւ զարգացնելու համար: Այս հնարաւորութիւններու անտեսումը կը յանգեցնէ համայնքներու մեկուսացման եւ օտարացման:
• Լրջօրէն տկարացած տնտեսական կարողութիւնը: Ժամանակակից կազմակերպչական համակարգերը միայն կրնան նպաստել գործարար ցանցերու ստեղծման, միջհամայնքային առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման եւ օտար շրջանակներու հետ տնտեսական գործակցութեան ընդլայնման: Այս հնարաւորութիւններու անտեսումը կը յանգեցնէ տնտեսական ներուժի թերի օգտագործման:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ. Վերոյիշեալ մարտահրաւէրները պէտք չէ դիտել իբրեւ առանձին խնդիրներ: Անոնք կը կազմեն փոխկապակցուած համակարգ մը, որուն անտեսումը կրնայ յանգեցնել սփիւռքի դերակատարութեան եւ ազդեցութեան էական տկարացման՝ վտանգելով անոր գոյատեւման հիմքերը: Իներցիայի շարունակումը կը սպառնայ ոչ միայն մեր ներկային, այլ նաեւ գալիք սերունդներու ապագային: Վերակազմակերպուիլը պարզապէս գեղեցկացուցիչ տնային աշխատանք մը չէ, այլ՝ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու եւ խնդիրներ լուծելու միջոց: Հետեւաբար, վերակազմակերպման ճամբով արդիականացումը այլեւս չի կրնար ընկալուիլ իբրեւ ընտրովի տարբերակ. ան դարձած է ժամանակի հրամայական:
Ծանօթագրութիւն. Այս վերլուծութիւնը դիտաւորեալ կերպով չ՛անդրադառնար իներցիայի բացասական ազդեցութեան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ, որոնց կարեւորութիւնը կ՛ենթադրէ առանձին եւ մանրակրկիտ քննարկում։ Պարզապէս կ’ուզեմ աւելցնել, որ հաւասարակշռուած եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու կերտումը կախեալ է վերակազմակերպուած եւ արդիականացած Սփիւռքի գոյութենէն՝ իր համապարփակ կազմակերպչական կառոյցներով, յստակ սահմանուած տեսլականով եւ ինքնուրոյն հայեցակարգով: Այս կարեւոր նիւթին առանձին պիտի անդրադառնամ յաջորդիւ:
** Ընկերային գիտութեան մէջ «իներցիա»-Inertia հասկացողութիւնը փոխաբերաբար կ՛օգտագործուի նկարագրելու համար ընկերային համակարգերու, համայնքներու կամ հաստատութիւններու մէջ հակումը՝ դիմադրելու ընդունուած եւ հաստատուած օրինաչափութիւններու եւ կամ վարքագիծերու փոփոխութեան, հակառակ իրենց շուրջ փոփոխուող ներքին կամ արտաքին վիճակներուն, պայմաններուն կամ ընկերա-քաղաքական ճնշումներուն:
Մուրատ Մանուկեան
Ֆէյսպուքեան Գրառում
Ուոթըրթաուն
Փետր. 19, 2025







Մեկնաբանէ