ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ. Սփիւռքը՝ իր ամբողջական կազմակերպչական դաշտով՝ կուսակցութիւններ, ընկերային ու բարեսիրական միութիւններ, կրթական հաստատութիւններ եւ այլն, իր գոյութիւնը իմաստաւորած է առաւելաբար անցեալէն եկող իր թափով, քան՝ սփիւռքը բաղկացնող աշխարհագրական իւրաքանչիւր միաւորի, համայնքի մշտանորոգ, յանձնառու, համախումբ ներգրաւուածութեամբ: Դէպի ապագայ սեւեռող իր ուժական (dynamic) գոյութիւնն ու բազմաճակատ բարգաւաճումը երաշխաւորող հասարակաց յստակ տեսլականի եւ ծրագիրներու բացակայութեան պատճառով, կորսնցուցած է իր երբեմնի կենսունակութիւնը: Զայն վերստին ձեռք բերելու համար, ներկայիս կը գտնուի իր առաջնահերթութիւնները վերարժեւորելու եւ վերակազմակերպուելու անհրաժեշտութեան կարեւորագոյն մարտահրաւէրին դիմաց: Հրամայական մը, որ կ՚ենթադրէ աւանդական գործելաձեւերու, կազմակերպման եղանակներու եւ անցեալէն եկող, բայց մինչեւ այսօր շարունակուող մօտեցումներու խորունկ եւ արմատական վերատեսութիւն, արդիականացում ու ժամանակի պահանջներուն համապատասխանեցում:

ԻՆԵՐՑԻԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԸ. Հակառակ վերջին տարիներուն սփիւռքի վերակազմակերպման, առաջնահերթութիւններու վերադասաւորման եւ տեսլականներու վերաձեւակերպման անհրաժեշտութեան մասին գրուած եւ արտասանուած խօսքերուն, վերակազմակերպման գնացքը կը շարունակէ մնալ անշարժ: Այս վիճակը արտացոլումն է չափազանց բարդ ընկերային կացութեան մը, ուր փոխազդող ուժերու հանգոյցը կը կազմեն իներցիան, մասնատուածութիւնը, մրցակցող քաղաքական եւ ընկերային օրակարգերը, սփիւռքի առօրեային, գոյութեան իմաստին եւ ղեկավարութեան մասին նոր սերունդներու ընկալումներն ու տեսակէտները: Ստեղծուած է այս փոխազդեցութիւններով հիւսուած բարդ եւ սփիւռքի երբեմնի կենսունակ, ուժական գոյութիւնը վտանգող եւ անգործութեան տանող իրականութիւն մը:

Փոխազդող այս ոյժերէն՝ իներցիան կը հանդիսանայ սփիւռքի վերակազմակերպման եւ հասարակաց տեսլականներու շուրջ համախմբման գաղափարին խոչընդոտ հանդիսացող առանցքային եւ վճռական գործօնը, մարմնաւորելով բարդ, հոգեբանական եւ ընկերային գործընթացքներ, որոնք կը ստեղծեն փոփոխութեան հանդէպ դժկամութեան եւ անվստահութեան մթնոլորտ, սկսեալ անհատական մակարդակէն մինչեւ համայնքային հաստատութիւններ եւ կազմակերպական-կազմակերպչական համակարգեր:

ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐ. Իներցիան սնուցող գլխաւոր ուժը սփիւռքի ամբողջական կազմակերպչական դաշտն է, որ տարբեր պատճառներով, սակայն համընկնող վերջնական արդիւնքով՝ վերակազմակերպման հրամայականին հանդէպ կը ցուցաբերէ դանդաղկոտութիւն կամ լիակատար անտարբերութիւն:

Սակայն ինչո՞ւ այս դանդաղկոտութիւնը կամ անտարբերութիւնը, երբ կը կարծենք (կ՚ուզենք հաւատալ), որ անոնք քաջատեղեակ են սփիւռքի ներկայ աննախանձելի վիճակին:

Արդեօ՞ք սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները, որոնք անցեալին արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունեցած են, այսօր կը վարանին բարեփոխումի եւ արդիականացման կոչերուն դիմաց՝ զանոնք նկատելով սպառնալիք մը իրենց համայնքային դիրքին ու հեղինակութեան, զորս կերտած են տասնամեակներու ընթացքին։ Կամ թերեւս աւելի խորքային խնդիր մը կայ. արդեօ՞ք անոնք կորսնցուցած են իրենց նորարար ոգին եւ ստեղծագործ կարողութիւնները՝ անոնց հիմնական աղբիւրներով հանդերձ ։

Միւս կողմէ, արդեօ՞ք այս կառոյցները Հայաստանի անկախացումը կը նկատեն իբրեւ վերջնակէտ՝ սփիւռքը կենսունակ եւ հզօր պահելու իրենց առաքելութեան, կարծես պարզապէս մրցավազքի հանգրուան մը բարեյաջող աւարտած ըլլային։

ՄԻՋՈՑՆԵՐ՝ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԻ ՀԱՄԱՐ. Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին առջեւ ծառացած արգելքները յաղթահարելու պատասխանատւութիւնը նախ եւ առաջ կը պատկանի մեր ազգային կեանքին մէջ գործող աւանդական քաղաքական կուսակցութիւններուն: Անոնք, թէեւ տարբեր գաղափարական ուղղութիւններ կը ներկայացնեն, ունին լայն զանգուածներու հետ կապ հաստատելու միջոցներն ու կարողութիւնները: Անձնապէս պիտի գերադասէի, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը առաջամարտիկի դեր ստանձնէր՝ նախաձեռնելով արդիականացման եւ վերակազմակերպման գործնական քայլեր, հիմնելու ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ եւ ՄԻՋ-ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ մշտական հարթակներ (հոն ուր այդպիսիք չկան, անշուշտ), որպէսզի սփիւռքի ձայնը լսելի դառնայ եւ սփիւռքահայութեան ներուժը համախմբուի հասարակաց հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ Ցեղասպանութիւնը, կրթական համակարգը, դպրոցները, միութիւնները, գիտական եւ տնտեսական կարողութիւնները, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, եւ այլն:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ. Ինչ ալ ըլլան վերակազմակերպման հանդէպ ցուցաբերուող դժկամութեան պատճառները, արդիականանալու հրամայականը կը մնայ անյետաձգելի: Դժկամութեան յաղթահարումը կը պահանջէ հեռատես, տեսլապաշտ եւ ներառական ղեկավարութիւն, որ պիտի կարենայ կամրջել գոյութիւն ունեցող բաժանումները եւ արդիւնաւէտ լուծումներ գտնել սփիւռքահայ համայնքներու գործնական կարիքներուն: Այսպիսի ղեկավարութիւն մը, հաւասարակշռելով աւանդոյթներու պահպանումն ու արդիականացման անհրաժեշտութիւնը, կրնայ սփիւռքին վերադարձնել երբեմնի իր կենսունակութիւնն ու ուժականութիւնը:

**Ընկերային գիտութեան մէջ «իներցիա»-Inertia հասկացողութիւնը փոխաբերաբար կ՛օգտագործուի նկարագրելու համար ընկերային համակարգերու, համայնքներու կամ հաստատութիւններու մէջ հակումը՝ դիմադրելու ընդունուած եւ հաստատուած օրինաչափութիւններու եւ կամ վարքագիծերու փոփոխութեան, հակառակ իրենց շուրջ փոփոխուող ներքին կամ արտաքին վիճակներուն, պայմաններուն կամ ընկերա-քաղաքական ճնշումներուն:

Մուրատ Մանուկեան

Ուոթըրթաուն

Փետր. 13, 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ