ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփ Քանատան հրաւիրեց միանալ ԱՄՆ-ին:

Անոր կարծիքով Ճասթին Թրիւտոն հրաժարած է, որովհետեւ հասկցած է, որ «ԱՄՆ-ն այլեւս չի կրնար տուժել այն առեւտրային բացերէն, որոնք քանատացիներուն անհրաժեշտ են իրենց կեանքին համար»:

«Եթէ Քանաըան միաւորուի Միացեալ Նահանգներուն հետ, ապա մաքսատուրքեր կը դադրին, տուրքերը կը նուազին, իսկ չինական եւ ռուսական նաւերը Քանատային չէին սպառնար։ Միասին մենք կրնանք մեծ ազգ դառնալ», գրած է Թրամփը Truth Social ընկերային ցանցին վրայ։

Շուրջ տասը օր առաջ Թրամփ դարձեալ խօսած էր Քանատայի ԱՄՆ-ին միանալու մասին։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ