
Առաջին անգամ ըլլալով Ուքրանիան հեղուկ կազ պիտի ստանայ Մ. Նահանգներէն, Յունաստանի տարածքով, կը գրէ Financial Times-ը։
Առաքումը տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ Յունուար մէկին կը լրանայ Ուքրանիոյ տարածքով ռուսական կազի տարանցման հնգամեայ համաձայնագիրի ժամկէտը։
Ըստ պայմաններուն՝ գնումները պիտի շարունակուին մինչեւ 2026ի աւարտը։ Բացի այդ, ընկերութիւնները ունին 20 տարուայ պայմանագիր LNG-ի ձեռքբերելու համար։







Մեկնաբանէ