Հայաստանի եկամուտներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեան եւ Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աոքի Եուտակա Դեկտեմբեր 26ին ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ճափոնի միջեւ եկամուտներու կրկնակի հարկումը բացառելու եւ հարկումէ խուսափելն ու շրջանցելը կանխելու մասին» համաձայնագիր:

Համաձայնագիրը հնարաւորութիւն կ ուտայ խրախուսել ձեռնարկատիրական գործունէութիւնը երկու պետութիւններուն մէջմ ստեղծելով մրցակցային նպաստաւոր պայմաններ, ներդրումային բարենպաստ միջավայր եւ ներդրողներուն համար կայուն հարկային դաշտ: Ինչպէս նաեւ ան պիտի նպասըէ զարգացնել Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ ապրանքներու եւ ծառայութիւններու շրջանառութիւնը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ