Բաղրամեանը Փակուեցաւ

Անյայտ կորած զինուորներու ծնողները փակած են Երեւանի Բաղրամեան պողոտան։ Անոնք կը պահանջեն հանդիպիլ խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի հետ։

Երեսփոխան Քոչարեան յայտնած է որ կրնայ ընդունիլ միայն չորս հոգիի՝ քսան վայրկեանով։ Մնացեալներուն հետ ան կրնայ հանդիպիլ Յունուարին։ Զինուորներու ծնողները կը պահանջեն որ հանդիպում կայանայ այսօր եւ բոլորի հետ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ