Չորեքշաբթի 25 Դեկտեմբերին, Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Կիլիկիոյ Հայոց թագավորութիւն. կարողութեամբն Աստուծոյ (XI-XIV դդ.)» խորագրով մնայուն ցուցադրութեան վերաբացումը, 4 տարուան ընդմիջումէ ետք։

Ներկայացուած ցուցանմուշներու շարքին կ՛առանձնանայ Կիլիկիոյ իշխանապետութեան եւ թագաւորութեան շրջանի մետաղադրամներու հաւաքածոն։

Այցելուները կրնան ծանօթանալ XI-XIV դարերու Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ստեղծման, կայացման եւ զարգացման ընթացքին։ Ներկայացուած են ամրոցաշինութեան, դրամահատութեանը, արքաներու տոհմածառի ձեւաւորմանը, նաւագնացութեան եւ հոգեւոր-մշակութային կեանքին առընչուող ցուցանմուշներ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ