Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը Դեկտեմբեր 28էն Յունուարի 2 ելոյթներ պիտի տայ Չինաստանի մէջ։ Նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, կ՛ունենայ 6 համերգ Չինաստանի 5 քաղաքներու մէջ՝ Փեքին, Ուրումճի, Ճանան, Նանթոնկ եւ Չենտու։

Համերգային ծրագիրները կ՛ընդգրկեն հայ, ռուս եւ եւրոպացի դասականներու ստեղծագործութիւններ։ 

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը յաճախակի հիւր է Չինաստան եւ անոր համերգները նպատակ ունին հանրայնացնելու հայ երաժիշտներու արուեստը այդ երկիրին մէջ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ