Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի նախկին նախագահներուն, որոնք մերժած են Արցախեան բանակցային գործընթացի գծով բանավիճելու առաջարկը, անգամ մը եւս կոչ ըրած է մտածել եւ օգտուիլ այդ հնարաւորութենէն:

Անոր խօսքով խնդիրը միայն բանավէճի մէջ չէ, այլեւ՝ ժողովուրդին պատմությունը մեկնաբանելու, զայն հասկանալու հնարաւորութիւն տալու կամ անորմէ զրկելու մասին է:

Նախօրէին կատարուած առաջարկին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին երեք նախագահները իրենց բանբերներու միջոցով մերժած էին  վարչապետ Փաշինեանի առաջարկը՝ Արցախի բանակցային գործընթացի նիւթով բանավէճ ունենալու:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ