Կը նախատեսուի օրական աշխատանքային ժամերը կրճատել 8 ժամէն 7 ժամի, շաբաթական աշխատանքային ժամերը 40 ժամէն 35 ժամի եւ այս փոփոխութիւնները պիտի չազդեն աշխատավարձերու նուազեցման։

Այս փոփոխութիւններու նպատակն է բարելաւել աշխատանքի եւ անձնական կեանքի հաւասարակշռումը,  հնարաւորութիւն տալով աշխատողներուն աւելի շատ ժամանակ յատկացնել ընտանիքին, հանգիստին եւ ինքնազարգացման, նուազեցնել ճնշուածութիւնը եւայլն։

Փոփոխութիւններէն ետք կ՛ակնկալուի ծախսերու եւ եկամուտներու աճ՝ հնարաւոր նոր աշխատատեղերու ստեղծման հետ։

Նախագծի հեղինակը Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնն է։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ