ՆԱԹՕ–ի անդամ Թուրքիոյ հետ ռազմականօրէն սերտ համագործակցութիւն ունեցող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը ՌԻԱ Նովոստիին տուած հարցազրոյցին բողոքեր է հայ–ատրպէճանական սահմանին՝ սահմանի ՀՀ կողմէ «ՆԱԹՕ–ի ենթակառուցուածքներու ստեղծումէն»։

Ան ըսած է թէ եւրոպացի դիտորդներու անուան տակ ՆԱԹՕ–ի ենթակառուցուածք ստեղծուած է։

Ըստ Ալիեւի՝ եւրոպացի դիտորդներու հարցը համաձայնեցուած էր Պաքուի հետ 2022–ին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ իր մասնակցութեամբ քառակողմ հանդիպման ժամանակ։

Ան աւելցուց որ հետագային դիտորդներուն թիւը հասաւ 200ի եւ անոր միացան Քանատայի ներկայացուցիչները։ Իսկ դիտորդներու առաքելութեան ժամկէտը երկու ամիսով էր եւ երկարաձգման համար իր հետ համաձայնութիւն չէ եղած։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ