Միացեալ Նահանգներու սենաթորներ Կէրի Փիթըրս եւ Պիլ Քեսիտի ներկայացուցած են երկկուսակցական բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Արցախի հայութեան դէմ Ատրպէյճանի կատարած էթնիկ զտումները եւ կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները։ 

Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ նաեւ արգիլել ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութեան տրամադրումը Ատրպէյճանին եւ կը հաստատէ արցախցիներուն՝ իրենց հայրենիք անվտանգ եւ պաշտպանուած վերադարձի իրաւունքը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ