
Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու փաստացի ղեկավար Ահմէտ Ալ Ճուլանի The Times-ին տուած հարցազրոյցի մէջ կը յայտնէ թէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ Սուրիոյ այն տարածքներէն, որոնք գրաւած է վերջին իրադարձութիւններու ընթացքին։
Ան նաեւ յայտարարած է Սուրիոյ դէմ կիրառուող պատժամիջոցներու չեղարկման եւ երկիրէն գաղթած սուրիացիներուն վերադարձի համար պայմաններու ստեղծման անհրաժեշտութեան մասին։
Միաժամանակ անցումային կառավարութեան բանբերը երէկ յայտնեց որ պիտի քննարկուի ռուսական ռազմակայաններու հարցը։







Մեկնաբանէ