
Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանի ստորին պալատը) 96
կողմ, 80 դէմ եւ 16 ձեռնպահութեամբ այսօր վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ հրաւիրել միջազգային խաղաղութեան համաժողով, նպաստելու Ատրպէյճանի եւ Արցախի հայութեան միջեւ երկխօսությեան միջազգային հսկողութեան տակ, անոնց անվտանգութեան եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի հարցերը քննարկելու համար։
Բանաձեւը պիտի ներկայացուի խորհրդարանի վերին պալատին Նահանգներու խորհուրդին եւ անոր կողմէ ընդունուելու պարագային կը ստանայ օրէնքի ուժ:







Մեկնաբանէ