
Իսրայէլեան օդուժը քանի մը ժամ շարունակ ռմբակոծեր է Սուրիոյ ծովեզերայ Թարթուս քաղաքը։
Որոշ լրատուամիջոցներ կը յայտնեն թէ իսրայէլեան օդանաւեր Միջերկրականի կողմէն մօտենալով հարուած են սուրիական բանակի 107րդ ռազմակայանը, ուր տեղադրուած էին ռուսական «պասթիոն» եւ խորհրդային արտադրութեան «Եախոնտ» ծովային հրթիռներ։
Նախանցեալ օրերուն Իսրայէլի օդուժը գրեթէ ամբողջութեամբ ոչնչացուցած էր սուրիական բանակի ծանր զէնքերը եւ զինանոցը։







Մեկնաբանէ