
Միասնիկեան պողոտային եւ Լվովեան փողոցին յարող շուրջ 30 հեքթար տարածքի վրայ պիտի հիմնուի քաղաքային նոր այգի:
Նախագիծը ներկայացուցած է «Կանաչապատում եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն» ՀՈԱԿ-ի տնօրէն Արմէն Բեգոյեան։
Բեգոյեանի համաձայն տարածքի մէկ մասին վրայ այս գարնան արդէն իրականացուած են քանդման աշխատանքներ, սակայն տակաւին կայ 36 հողատարածք, որոնց վրայ կը գտնուին տնակներ։
Նախագիծի համաձայն նոր այգին պիտի ունենայ մարզական դիմագիծ։ Տնակներու քանդումէն ետք կը մեկնարկէ շինարարական գործընթացը, որ պիտի տեւէ երկու տարի։







Մեկնաբանէ