Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի (ՍԾՏՀ ԽՎ) 64-րդ լիագումար նիստը: Մասնակցած են Հայաստանի, Յունաստանի, Ռումանիոյ, Ուքրանիոյ, Սերպիոյ եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնները, տարբեր երկիրներէ ժամանած դիտորդներ, ՍԾՏՀ ԽՎ-ի յատուկ ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: 

Բացման խօսք արտասանած է ՀՀ ԱԺ նախագահ, ՍԾՏՀ ԽՎ նախագահ Ալէն Սիմոնեան: Նիստի ընթացքին հիմնական քննարկումները եղած են «Ապաշրջափակումը՝ որպէս տարածաշրջանային զարգացման երաշխիք» նիւթով զեկուցումը:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ