Հայաստանը մասնակցեր է «ԱՊՀ երկիրներու համաշխարհային ժառանգութիւն» միջազգային առցանց 9րդ համագումարին, որ կազմակերպուած էր Ռուսիոյ Լիխաչովի անուան մշակութային եւ բնութեան ժառանգութեան ռուսական գիտահետազօտական հիմնարկին կողմէ։

Հայաստանի կողմէ  համագումարին մասնակցեր են ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան եւ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի ներկայացուցիչները։

Գիտաշխատող Մարիամ Շահմուրադեան ներկայացուցած է «Հայաստանի վիշապաքարերը եւ անոնց ուղին դէպի համաշխարհային ժառանգութիւն» նիւթով զեկուցում։ Համագումարի մասնակիցները հետաքրքրություն ցուցաբերած են նիւթին նկատմամբ՝ վիշապաքարերուն՝ որպէս մշակութային ժառանգութեան իւրատիպ եւ չկրկնուող յուշարձան ըլլալու հանգամանքով։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ