Շողակաթ Վարդանեանի «1489» վաւերագրական ֆիլմը Հռոմի վաւերական ֆիլմերու միջազգային փառատօնին արժանացեր է գլխաւոր մրցանակին։

Նախապէս, 2023ին,  ֆիլմը արժանացեր էր նաեւ Ամսթերտամի վաւերագրական ֆիլմերու միջազգային փառատօնի (IDFA) գլխաւոր մրցանակին:

Ֆիլմը կը ներկայացնէ Վարդանեաններու ընտանեկան մթնոլորտը, անոնց յոյզերը, ապրումները, տառապանքը, սպասումները 2020ի 44օրեայ պատերազմի օրերուն, երբ անոնք կը կորսնցնեն կապը ռազմաճակատ գտնուող իրենց սիրելի որդու եւ  եղբօր՝ 21 տարեկան Սողոմոն Վարդանեանի հետ։  

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ