
Սուրիոյ վարչակարգին տապալումէն ետք, բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ՝ Գերմանիա, Դանիա, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա եւայլն, յայտարարած են որ պիտի դադրեցնեն սուրիացի գաղթականներու ապաստան խնդրելու դիմումները։ Քանի մը տասնեակ հազար գաղթականներու ապագան անորոշ է։ Եւրոպական երկիրները յայտնած են թէ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի Սուրիոյ քաղաքական իրավիճակի գնահատումին լոյսին տակ։
Յիշեցնենք որ 2011ին ծայր տուած Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով միլիոնաւոր սուրիացիները լքած են իրենց երկիրը։ Հարիւր-հազարաւորներ ապաստան գտած են եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ։







Մեկնաբանէ