
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն որպէս վկայ կանչուեր է դատարան, փտածութեան հարցով իր դէմ բացուած դատին համար։
75 տարեկան Նեթանիահուն Իսրայէլի գործող առաջին վարչապետն է որ կը մեղադրուի յանցագործութեան մէջ։
Ապահովութեան պատճառներով դատական նիստերը տեղափոխուեր են ստորգետնեայ դատարանի դահլիճ։
2019ին Նեթանիահույին առաջադրուեցան երեք մեղադրանքներ։ Ան կը հերքէ զանոնք եւ իր նկատմամբ կատարուող հետաքննութիւնը կը կոչէ «վհուկներու որս»:







Մեկնաբանէ