
Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուեր են 7 լրագրողներ։ Իշխանութիւնները զանոնք կը մեղադրեն օտար դրամանիշներու մաքսանենգութեան մէջ։
Լրագրողները ձերբակալուած են Ուրբաթ երեկոյեան եւ Կիրակի օրը՝ Նոյեմբեր 8ին, անոնց պաշտօնապէս մեղադրանք առաջադրուած է։
MeydanTV-ն Ատրպէյճանի մէջ յայտնի լրատուամիջոց է, լրագրողները տարիներ շարունակ կը գրեն փտածութեան եւ կաշառակերութեան մասին, նաեւ նախագահ Ալիեւի ընտանիքի գործարարութեան մասին։ Meydan.tv կայքէջը արգելափակուած է 2017 թուականէն ի վեր։
Իրաւապաշտպանները դեռ ամրանը նկատած էին որ երկու տարուայ ընթացքին երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու թիւը եռապատկուած է եւ անցած՝ 300ը։







Մեկնաբանէ