Published by Armenpress, original at https://armenpress.am/hy/article/1206972

Մոսկուայի հայկական եկեղեցւոյ «Տապան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է, Կոմիտասի ծննդեան 155ամեակին, Կոմիտասի անուան ազգային լարային քառեակի հիմնադրման 100ամեակին եւ 1988ի Դեկտեմբեր 7ի աղէտալի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեւոր-դասական երաժշտութեան երեկոյ:
Ներկաները նախ յոտնկայս Տէրունական աղօթքով յարգեր են երկրաշարժի զոհերու յիշատակը, որմէ ետք Կոմիտասի անուան ազգային լարային քառեակը հնչեցուցած է հայ մեծանուն երաժիշտին ստեղծագործութիւնները:
Համերգի նախաձեռնողներէն Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակի հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Արմէն Սարգիսեանց, «Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեր է որ Կոմիտասի երաժշտութիւնը հայ ժողովուրդի համար վերածնունդ կը խորհրդանշէ։







Մեկնաբանէ