Ռումանիոյ Սահմանադրական դատարանը անվաւեր հռչակած է Նոյեմբեր 24ին անցկացուած նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլի արդիւնքները։

Դեկտեմբեր 4ին գործող նախագահ Քլաուս Եոհաննիս հրապարակած էր գաղտնի տուեալներ, որոնք կը վկայեն թէ Ռուսիա ընկերային ցանցերու վրայ մեծ քարոզչութիւն տարած է աջակողմեան թեկնածու Քելին ՃորՃեսքուի օգտին։

Դատարանի որոշումին համաձայն՝ կառավարութիւնը պէտք է հաստատէ նոր ընտրութիւններու անցկացման ժամանակացոյց։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ