
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճին ժամաներ է Պաղտատ Իրաքի եւ Սուրիոյ իր պաշտօնակիցներուն հետ եռակողմ հանդիպում ունենալու, որու ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական զարգացումները։ Իրանցի նախարարը յայտարարեր է որ Սուրիա փխրուն իրավիճակ մը ունի եւ շրջանի երկիրներու համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է։
Կը հաղորդուի որ Իրաք եւ Իրան՝մտահոգ են որ զինեալ գործողութիւնները չեն սահմանափակուիր Սուրիոյ մէջ եւ կրնան տարածուիլ դրացի երկիրներ։







Մեկնաբանէ