Վալերի Պրիւսովի անուան պետական համալսարանը, Հայ Առաջադէմ Երիտասարդութիւն (Armenian Progressive Youth) հասարակական կազմակերպութեան հետ Դեկտեմբեր 5ին կազմակերպած է «Կամաւորութեան միջազգային օր 2024» ձեռնարկը, որուն նպատակն էր երիտասարդներուն ներկայացնել կամաւորութեան կարեւորութիւնը եւ խթանելու անոնց մասնակցութիւնը ընկերային նախաձեռնութիւններուն: 

Ուսանողները ծանօթացեր են տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու կամաւորական ծրագիրներուն: Ողջոյնի խօսքով ուղղած է ռեկտոր Դաւիթ Գիւրջինեան։

Տօնական տրամադրութիւնը եւս յատուկ նշանակութիւն ունեցած է ձեռնարկի ընթացքին: DJ Sianna-ի երաժշտութիւնը բարձրացուցած է ներկաներուն տրամադրութիւնը` ստեղծելով ուրախ ու ոգեւորիչ միջավայր։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ