
Ազգային տիկնիկային թատրոնը Դեկտեմբեր 2ին «Բուկովսկի» ներկայացումով մասնակցեր է 30th Premio Mecenate միջազգային փառատօնին եւ արժանացեր՝ «Տարուայ Լաւագոյն Ներկայացում» պատուաւոր մրցանակին, կը յայտնէ Արմէնփրէս։
Ներկայացման ներկայ գտնուած են Իտալիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Կարապետեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Ներկայացման բեմադրիչն է Մարիէթա Դովլաթբէկեան։







Մեկնաբանէ