Երեւանի Մատենադարանի մէջ պահուող Արցախի գրաւոր ժառանգութեան վերականգման եւ հանրայնացման աշխատանքները սկսած են։ Այս ծրագիրը կ՛իրականացուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ։ Ծրագիրին յատկացուած է 74 հազար տոլար։

Ծրագրի ծիրէն ներս ընտրուած են Գանձասարի, Դադիվանքի, Գնդեվանքի, Խադավանքի, Գտչավանքի եւ հայկական միջնադարեան վանքերու մէջ 13-18-րդ դարերու ընթացքին գրուած եւ նկարազարդուած ձեռագրեր, արխիւային եզակի վաւերագիրներ, որոնք լոյս կը սփռեն հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան եւ պատմական անցքերու վրայ:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ