
Իրանի աջակցութիւնը վայելող հարիւրաւոր իրաքցի կամաւորներ մտած են Սուրիա, կառավարական ուժերուն օգնելու ահաբեկիչներու դէմ պատերազմին։ Անցեալ շաբաթավերջին Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող հակակառավարական ուժերը անակնկալ յարձակումով գրաւած էին Սուրիոյ երկրորդ մեծ քաղաքը՝ Հալէպը։
Իրաքեան եւ սուրիական աղբիւրները հաստատած են Ռէօթըրզի լուրը։ Ըստ իրաքեան աղբիւրներու 300 իրաքցիները հատած են սահմանը։
Միւս կողմէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեր էր որ Թեհրանը «անհրաժեշտ աջակցութիւն կը տրամադրէ», Սուրիոյի նախագահ Պաշար Ասատին օգնելու։







Մեկնաբանէ