
Իրանը Իսրայէլի հետ ուղղակի պատերազմիլ չի փափաքիր, սակայն պատրաստ է հակադարձել Իսլամական Հանրապետութեան լայնածաւալ պատերազմի մէջ ներգրաւելու՝ Իսրայէլի բոլոր սպառնալիքներուն, յայտարարեր է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճին, Փորթուգալի մէջ ՄԱԿ-ի «Քաղաքակրթութիւնների դաշինք» խորհրդաժողովէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին։
Իրանական դիւանագիտութեան ղեկավարը ընդգծեր է որ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններու լուծման պատասխանատուութիւնը ամէնէն առաջ ԱՄՆ-ի վրայ է:
Ան նաեւ հերքեր է այս պնդումները թէ Իրանի դաշնակից «Հըզպալլահ»ը տկարացած է։







Մեկնաբանէ