
Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա Նոյեմբեր 25-27 պաշտօնական այցով կը ժամանէ Հայաստան, կը յայտնէ Լեհաստանի նախագահին պաշտօնական կայքէջը։։
Ան հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։
Կը նշուի նաեւ որ Նոյեմբեր 26-ին Լեհաստանի նախագահը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին։







Մեկնաբանէ