ԵՄ դիւանագիտութեան պետ Ժոզէփ Պորէլ վստահեցուց Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ եւրոպական զօրքերուն միջեւ ընդհարում չի նախատեսուիր։

«Մենք պատերազմող կողմ չենք, մենք պատերազմի մաս չենք կազմեր, Ուքրանիոյ մէջ եւրոպական զօրքեր չկան», – յայտարարած է ան Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական միութեան պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Պորէլ անգամ մը եւս ընդգծած է որ ԵՄ-ն միայն ռազմական օգնութիւն կը տրամադրէ Քիեւին։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ