
Աւելի քան 80 երկիր միացեր է սովի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի դաշինքին, յայտարարեր է Պրազիլիոյ նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվան՝ Ռիօ Տը Ժընէյրոյի G20-ի գերաստիճանի բացման ընթացքին։
Սովի եւ աղքատութեան դէմ պայքարի դաշինքը Պրազիլիոյ նախաձեռնութիւնն է։ Անոր նպատակն է համախմբել հանրային քաղաքականութեան եւ արհեստագիտութեան կարելիութիւններն ու առաջարկները, որոնք արդիւնաւէտ գործունէութիւն կրնան ունենալ աշխարհի մէջ աղքատութեան եւ սովի նուազեցման աշխատանքներուն մէջ:







Մեկնաբանէ