
Միացեալ Նահանգներու պետքարտուղարի օգնական Պրայըն Նիքըլս յայտարարեր է որ Ուքրանիոյ կողմէ ամերիկեան հեռու հասողութեամբ զէնքերու օգտագործման արտօնութիւնը կրնայ ստիպել Ռուսիոյ որ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու սկսիլ։
Պետքարտուղարի օգնականը այս մասին յայտներ է պրազիլիական O Globo պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։ Այս ձեւով, ան կը հաստատէ Նոյեմբեր 18էն ի վեր շրջանառուող լուրերը, որոնց համաձայն Սպիտակ Տունը Քիեւին արտօնած է հեռու հասողութեամբ զէնքեր գործածել Ռուսիոյ խորքերը հարուածելու համար։







Մեկնաբանէ