Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիէզ, անդրադառնալով Արցախի հայերու տունդարձի իրաւունքին, յիշեցուցած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը։ 

«2023ի Նոյեմբեր 17ին Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հաստատեց Արցախը հարկադրաբար լքած հայերու՝ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը։ Մէկ տարի անց Ատրպէյճանին ուղղուած այս հրամանը կը մնայ անկատար։ Ֆրանսան ոչինչ մոռցած է ոչինչ պիտի զիջի՝ ոչ անոնց վերադարձի իրաւունքէն, ոչ ալ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցէն», – գրած է դեսպանը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ