«Ո՞վ կը փափաքի որդեգրել այս հարիւր ութսունութ հայերէն գիրքերը»: Լիբանանահայերուն ուղղուած հարցում մը , որուն կ՚ընկերակցի մեծաթիւ գիրքերուն լուսանկարը:

Գիրքերու որդեգրո՞ւմ։ Այս յայտարարութիւնը մօտս զարմանք եւ ցաւ կը պատճառէ: Ես գիտեմ, որ որդեգրութեան կը դրուի այն մանուկը, որուն ծնողները մահացած են եւ չունի մօտիկ ազգական մը, որ ստանձնէ խնամակալի դերը, հետեւաբար որբուկը կը յանձնուի օտարի մը հոգածութեան: Բայց հոս ականատեսը կ՚ըլլամ գիրքերու, որոնք անկախ իրենց բովանդակութենէն, գրական արժէքէն…կը կրեն որբութեան պիտակը եւ կը սպասեն փրկարարի մը:

Վստահ եմ, որ մինչեւ այս պահը այդ գիրքերը խնամքով շարուած էին գրքասէրի մը տան գրադարանին մէջ եւ արժանացած էին յատուկ հոգածութեան: Կ՚ենթադրեմ, որ ընթերցասէրը՝ հայ գրականութեան ջատագովը, տարիներու ընթացքին բծախնդրօրէն հաւաքած, գուրգուրացած ու տէրութիւն ըրած էր իր հարիւր ութսունութ «ձագուկներուն»: Սակայն, այսօր ինչ -ինչ անհասկնալի պատճառներով, գիրքերը անտէր դարձած են եւ կը սպասեն որդեգրողի մը բարեխղճութեան։

Ակամայ մօտս հարցումներու շարան մը կը ձեւաւորուի։ Արդեօք այս գիրքերուն տէրը մահացա՞ծ է եւ իր զաւակները անտարբե՞ր են հայ գիր- գրականութեան հանդէպ: Միթէ անոնք իրենց ծնողքէն չժառանգեցի՞ն հայերէն գիրքին հանդէպ՝ յարգանքի տուրք հասկացողութիւնը, սիրոյ կայծ մը …եւ այսօր իրենց ձեռքերը լուացած են այս գիրքերը պահելու տաղտուկէն ու լուծէն:

Արդեօք գրքասէրին տան անդամները անհեթեթ քմահաճոյքէ՞ մղուած, որոշեցին գիրքերուն գրաւած դարակները «ազատագրել» եւ աւելի «անհրաժեշտ» ու աժմէական առարկաներով փոխարինել՝ պատրուակելով, որ համացանցի վրայ կան բազմաթիւ թուայնացած ու հասանելի գիրքեր։

Արդեօք սա երեւոյթը արդի՞ւնքն է ընթերցասէրներու թիւի նահանջին եւ գիրքը կորսնցուցա՞ծ է իր անցեալի հրապոյրը: Կը յիշեմ Պէյրութի հայահոծ շրջաններուն մէջ մեծաթիւ գրադարաններ կային, որոնցմէ շատերը այսօր գոյութիւն չունին: Ափսո՜ս, որ հաճոյքի ու հետաքրքրութեան չափանիշները փոխուած են…: Մոռցուած է այն ասոյթը, որ գործածուած է բազմաթիւ առիթներով եւ այլազգի անհատներու կողմէ՝ «Գիրքը ոյժ է», «Գիրքը վիթխարի ոյժ է»:

Արդեօք այս գիրքերուն տէրը չդիմանալով Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալից պայմաններուն, անողոք պատերազմին պատճառած սարսափին, անապահովութեան ու անորոշութեան խայթին, լքա՞ծ է Լիբանանը, ակամայ լքելով նաեւ իր սիրելի գիրքերը։

Դժբախտաբար, Լիբանանի մէջ գտնուող գիրքերն ալ Լիբանանի քաղաքացիներուն նման կ՚ենթարկուին ցնցումներու, տեղահանումի, իրաւազրկութեան եւ անարդար վերաբերմունքի: Դժուար է բառերու մէջ սահմանել Լիբանանի մէջ տիրող անհանդուրժելի իրավիճակը։ Այլոց թշնամանքը, պատերազմները, հաշիւներն ու սակարկութիւնները կը լուծուին՝ ի գին դալարագեղ մայրիներու երկրի քանդումին եւ անմեղ քաղաքացիներու սպանդին։

Կ՚իմանամ, որ այս գիրքերը արեւմտահայերէն լեզուով գրուած են եւ այլազան նիւթեր կը պարունակեն։ Հոս, խոհերս նոր ուղղութիւն մը կը ստանան եւ ես, որպէս արեւմտահայ շառաւիղէն սերած, կը հաստատեմ, որ արեւմտահայերէնը՝ իմ ոսկեղինիկ լեզուիս երկու երեսներէն մէկն է, անցագիրիս պէս ուրոյն ու հարազատ։ Ան անջնջելի դրոշմը կը կրէ նախնիներուս, որոնք անողոքաբար տեղահանուեցան Արեւմտահայաստանէն ու երկար թափառումէ ետք, ապաստան գտան Լիբանանի հիւրընկալ թեւերուն մէջ։ Անոնք Լիբանանի պարարտ հողին վրայ ամուր արմատներ արձակեցին եւ վերակենդանացան թարմ ու կանաչ ծիլերով։

Արեւմտահայերէնով յատկանշուող այս հարիւր ութսունութ գիրքերը մեր տաղանդաւոր բանաստեղծներուն, արձակագիրներուն, պատմիչներուն… գրական հարուստ աւանդը կը պարփակեն, նաեւ կ՚ընդգրկեն սփիւռքահայ սերունդին գրական ստեղծագործութիւնները՝ բերրի արգասիքը:

Հոս կ’արժէ նշել, որ սփիւռքահայը, ուր որ գտնուեցաւ, իր ջանքերով ու հաւատարմութեամբ ապրեցուց եւ արժեցուց իր հայ ինքնութիւնը…, միաժամանակ ինքզինք դրսեւորեց, որպէս լիարժէք եւ օրինապահ քաղաքացի: Ան զանազանուեցաւ իր մշակութային հարստութեամբ եւ արհեստներու հմտութեամբ։ Ինչքան որ ստացաւ զինք հիւրընկալող գաղթօճախներէն, ապա փոխ հատուցեց՝ հարիւրապատիկով…:

Իսկ ես, լիբանանահայ գաղութին մէկ անդամը ըլլալով, կրնամ հաստատել, որ լիբանանահայութիւնը իտէալական քաղաքացիներ ըլլալէ անդին՝ լաւագոյնս նուիրուեցան ազգապահպանման սուրբ առաքելութեան, գոյատեւման պայքարին, հայ դատի հետապնդման…։ Լիբանանահայը, վաղ անցեալին, երբ տակաւին գաղթականի ցնցոտիներով կը պտըտէր, իր անձնական եւ տարրական կարիքներէն վեր դասեց համահայկականը եւ իր ունեցած նուազագոյն լուման նուիրաբերեց, հիմնելով դպրոց, եկեղեցի, գրատուն, ակումբ, մամուլ, մշակութային կեդրոն…:

Մտահոգութիւնս կը փարատի, երբ կ՚իմանամ, որ բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք սէր ու յարգանք կը տածեն հայ գրականութեան հանդէպ, պատրաստակամութիւն յայտնած են՝ որդեգրելու հարիւր ութսունութ «որբուկները»։ Որբուկներ, որոնք ծնունդ առած են արեւմտահայու ակունքներէն, սփիւռքահայու ծիներէն, հայ հոգիի աղերսէն, սիրոյ կայծերէն, աղօթքի խորանէն…։

Ցաւս կը փոխարինուի յոյսի ու լաւատեսութեան շողերով, երբ կը տեղեկանամ, որ այս գիրքերը պիտի որդեգրուին հայ մշակութային կեդրոնի մը կողմէ, ուր վստահաբար «որբուկները» պիտի արժանանան ջերմ ընդունելութեան եւ արժանի հոգածութեան։

ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ԻՍԿԻԿԵԱՆ
Ազդակ
13 Նոյեմբեր 2024

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ