
Հայաստանը ներկայացնող Եարոսլավ Կիսիլիով-Սոֆիա Ֆիլիպչուկ պարային զոյգը պրոնզէ մետալ շահած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 10 պարաձեւերով աշխարհի ախոյեանութեան:
ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի սփորթային պարերու ֆետերասիոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ախոյեանութեան մասնակցած են 31 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Գէորգի Բաբայեանի համաձայն՝ աշխարհի ախոյեանութիւնը ամէնաբարձր մակարդակով էր։







Մեկնաբանէ