
Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին առիթով, Նոյեմբեր 11ին Հայաստանի նկարիչներու միութեան տան մէջ բացուեցաւ երգիչին նուիրուած La Bohème խորագիրով ցուցահանդէսը։ Ցուցադրութեան մէջ տեղ գտած է հարիւր հայ նկարիչի հարիւր ստեղծագործութիւն՝ ներշնչուած երգիչի « La Bohème » ստեղծագործութենէն։ Կտաւները կը ներկայացնեն Ազնաւուրը, անոր երաժշտութիւնը եւ գործունէութիւնը։







Մեկնաբանէ