Հայաստանը ներկայացնող ճատրակի վարպետները կը շարունակեն իրենց մրցումները Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան:

«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ 5րդ հանգրուանէն ետք Ռոպէրթ Յովհաննիսեան, Շանթ Սարգսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեանն ունին 4ական կէտ: Ախոյեանութեան չորս խաղացող 4,5 կէտով առաջին դիրքի վրայ է:

Ճատրակի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մոնթենեկրոյի մէջ։ Մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին  170է աւելի խաղացող, բաղկացած է 11 հանգրուանէ եւ կ՛եզրափակուի Նոյեմբեր 19ին:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ