
Հայաստանի խորհրդարանը չընդունեց ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու կողմէ «Ատրպէյճանում պահուող հայ ռազմագերիների վերաբերեալ» ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը:
նախագիծը ստացաւ 30 կողմ ձայն։ Քպական երեսփոխանները չմասնակցեցան քուէարկութեան։
Ըստ խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, ընդդիմութիւնը գերիներու հարցով քննարկում հրաւիրած է քաղաքական նպատակներով եւ թէ հայ գերիները կը վերադառնան թէ ոչ, կախեալ է ոչ թէ նիստին ներկայացուած յայտարարութենէն, այլ Հայաստանի դիւանագիտական աշխատանքէն:







Մեկնաբանէ