Շուէտացի բնապահպան Կրեթա Թունպերկը մասնակցեր է Նոյեմբեր 11ին Թիֆլիսի Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ կազմակերպուած բողոքի հաւաքին։

«Իլհամ Ալիեւը բռնապետ է» կարգախօսի տակ տեղի ունեցած բողոքի մասնակիցները կը պահանջէին ազատ արձակել ատրպէճանական բանտերուն մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալները եւ կը քննադատէին ՄԱԿ-ը COP-29 խորհրդաժողովը Պաքուի մէջ գումարելու որոշումին համար։

«COP-29-ը քաղաքական երեսապաշտութեան օրինակ է», – գրուած էր կարգախօսին վրայ, որ ատրպէճանական դեսպանատան առջեւ բարձրացուցած էր Թունպերկը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ