
Ամերիկեան ռազմական օդանաւերու խումբ մը Մեծ Բրիտանիայէն տեղափոխուեր է Միջին Արեւելք, կը հաղորդէ ԱՄՆ բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM):
Նախապէս The Times of Israel-ը հաղորդած էր որ Միացեալ Նահանգները որոշած է F-15E Strike Eagle կործանիչներ ժամանակաւորապէս Յորդանան տեղափոխել, նկատի ունենալով Իսրայէլի վրայ Իրանի հաւանական հրթիռային յարձակման հետ կապուած մտավախութիւնները:
Իր հերթին Haaretz թերթը նշած է որ առնուազն 12 կործանիչ ուղեւորուած են Յորդանան։







Մեկնաբանէ