
Միացեալ Նահանգները Լեհաստան ուղարկած է Abrams թանկերու նորագոյն M1A2SEPv3 տարբերակի առաջին խմբաքանակը, կը հաղորդէ լեհական Defense24 պարբերականը։
Պարբերականին համաձայն նոր Abrams-ը Լեհաստան պէտք է հասնի քանի մը շաբաթէն։ Ծրագրուած է մատակարարումները աւարտին հասցնել 2026ի վերջաւորութեան։
Լեհաստանը պայմանագիր ստորագրած է ստանալու 250 Abrams թանկեր, ինչպէս նաեւ օժանդակ սարքաւորումներ։







Մեկնաբանէ