
Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող պատերազմական գործողութիւնները ամէնէն բիրտ կերպով կը շարունակուին։ Երէկ գիշեր Իսրայէլի ռազմական օդանաւերը ռմբակոծած են Սուրիոյ Սէյիտա Զէյնապ արուարձանը, որ կը գտնուի Դամասկոսի միջազգային օդանաւակայանի ճամբուն վրայ։
Al Hadath հեռատեսիլի կայանը կը յայտնէ թէ պայթումներ որոտացած են ԱլՄազար շրջանին մէջ, սուրիական բանակին օժանդակող «Հըզպալլահ»ի կեդրոններոն մօտ։ Կորուստներու եւ նիւթական վնասներու մասին ցարդ տեղեկութիւններ չկան։







Մեկնաբանէ