
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու դեմոկրատական թեկնածու Քամալա Հարիսի եւ հանրապետական թեկնածու Տոնալտ Թրամփի նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ծախսուած է մօտաւորապէս 14,7 միլիառ տոլար կը յայտնէ Bloomberg գործակալութիւնը։
Գովազդային արշաւները կեդրոնացած են Արիզոնա, Ճորճիայ, Միշիկըն, Նեւատա, Հիւսիսային Գարոլինա, Փենսիլվանիա եւ Ուիսքընսըն նահանգներուն մէջ։ Դասական նախընտրական պաստառներուն եւ հեռատեսիլի գովազդներուն աւելցած են թուայինները, յատկապէս՝ ընկերային ցանցերուն վրայ։







Մեկնաբանէ