
«Գոյ» թատրոնի ստեղծագործական անդամներէն վեցը արդէն երկրորդ գիշերը ըլլալով կը մնայ թատրոնի շէնքը։
Այդ ձեւով անոնք իրենց բողոքը կ՛արտայայտեն «Գոյ»-ը Սունդուկեանի անուան թատրոնին միացնելու Հայաստանի կառավարութեան որոշումին դէմ եւ կը պահանջեն իրենց հնարաւորութիւն տալ շարունակել ստեղծագործել «Գոյ» թատրոնին մէջ։
«Գոյ» թատրոնի ստեղծագործական կազմը դէմ է միացման: Անոնք կառավարութեան այդ որոշումին դէմ բողոքարկած են դատարան։







Մեկնաբանէ