Լեհաստանի մէջ ընթացող մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի անդամ, Գոռ Սահակեան (73քկ.) շահեցաւ ոսկի մետալ։

Նախապէս, նոյն ախոյեանութեան ծիրէն ներս, մինչեւ 20 տարեկաններու ախոյեանութեան, ախոյեան դարձած էին Ալեքսանտրա Գրիգորեան (55 քկ.) եւ Ժորա Գրիգորեան (55 քկ.):

Պատանիներու ախոյեանութեան, Ռաֆիկ Մինասեան (61քկ.) դարձաւ արծաթէ մետալակիր:

Մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկի մետալակիր դարձած է նաեւ Գառնիկ Չոլաքեան (61քկ.)

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ