
Եմէնի հիւսիսային շրջանը իշխող հութիներու «Անսար Ալլահ»- շարժումը յայտարարեր է որ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներ իրականացուցած է Իսրայէլի հարաւը գտնուող Աշքելոն քաղաքի արդիւնաբերական գօտիի վրայ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:
Իսրայէլի բանակը յայտարարած է որ Աշքելոնի շրջանը՝ բաց տարածքի մը մէջ, ինկած է ԱԹՍ, որ արձակուած էր Եմէնէն։ Զոհեր կամ վիրաւորներ չկան։







Մեկնաբանէ