
Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցած Gold International Classical Music Competition մրցոյթին, 17 տարեկան դաշնակահար Էտուարտ Արեւշատեան շահած է միջազգային հերթական մրցանակը, նուաճելով առաջին դիրքը։
Ան Երեւանի Չայքովսքիի անուան միջնակարգ մասնագիտական երաժշտական դպրոցի աշակերտ է։ Այս մրցույթը 12րդն է, որու ընթացքին ան հանդէո կու գայ եւ կը գրաւէ առաջատար դիրքեր։
Անոր նուաճումներու շարքին են նաեւ UK International Music Competition-ի առաջին մրցանակը, Orbetello առցանց դաշնամուրային մրցոյթի առաջին մրցանակը, Էրիկ Սաթիի միջազգային երաժշտական մրցոյթի փլաթինէ մրցանակը, ինչպէս նաեւ Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցող «Շոփէնի Գոյները» միջազգային մրցոյթի ոսկի մրցանակը։







Մեկնաբանէ