Վերջին շաբաթներուն գրեթէ բոլոր մակարդակներու վրայ խօսակցութեան նիւթի վերածուած է եւ կ՛արծարծուի այն հարցը, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը ի՛նչ է եւ ինքզինք ինչպէ՛ս կ՛արտայայտէ Լիբանանի այսօրուան քաղաքական եւ զինուորական այս պայմաններուն մէջ:

Բնականաբար դէմ եւ թեր կարծիքներու փոխանակումներ կ՛ըլլան: Յաճախ կը շեշտուի այս կամ այն կարծիքը: Շատ անգամ ծայրայեղ բանաձեւեր կը դրսեւորուին: Սակայն պէտք է գիտնան բոլորը եւ մանաւանդ կասկած ու բամբասանք յառաջացնող միտքեր արտայայտողներն ու գրառումներ ընողները, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար մեր համայնքի ֆիզիքական ապահովութիւնն ու երկրի գերիշխանութեան կողքին մնալու որոշումը նո՛յնն է միշտ, ինչպէս էր անցեալին եւ մինչեւ այսօր:

Դաշնակիցներ, ընտրական գործակիցներ միշտ ալ ունեցած ենք: Սակայն մենք միշտ փորձած ենք  յաջողած ըլլալ ինքնուրոյն մեր կեցուածքով` հաւասար հեռաւորութիւն պահելով բոլորին  հետ: Հաւաքական ղեկավարութեամբ գործելու եւ որոշելու սկզբունքը պահած ենք եւ պէտք է պահենք: Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան հետ եղած ենք եւ ե՛նք տակաւին: Միշտ առաջնորդուած ենք նեղ համայնքային հաշիւներէ վեր ու կիրքերէ հեռու մնալու, զգայնութիւններ յառաջացնող երեւոյթներու դէմ եւ մանաւանդ երկխօսութեան հաւատացող, քաջալերող եւ թափ տուող անշեղ սկզբունքով:

Հաւանաբար մեր պահուածքն ու մեր աշխատելաոճը նախանձ կ՛արթնցնեն ուրիշներու մօտ: Սակայն մեր ակումբները բաց են, եւ մեր տղաքը պատրաստ են բոլորին հասնելու: «Ազդակ» օրաթերթ իր լրահոսով եւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը իր լուրերու հաղորդումներով լրատուութեան կողքին մեր կեցոււածքին մասին տեղեակ կը պահեն հայորդիները: Բարեսիրական միութիւնները իրենց պարտականութիւնները կ՛ընեն քիչ մը աւելի մեծ զոհողութիւններով: Դպրոցներն ու եկեղեցիները կարելի եղածին չափ բնականոն կերպով կը գործեն, մշակութային, մարզական կառոյցներուն մէջ եռուզեռ կայ: Այնճարի մէջ մեր ժողովուրդին ապահովութեան եւ անվտանգութեան համար քայլեր առնուած են: Այս բոլորէն անդին, մեր զոյգ քաղաքապետութիւնները` Այնճարի ու Պուրճ Համուտի, կը փորձեն առաւելագոյն չափով տեղաւորել տեղահանուածները, հայ բնակիչներուն հետ համադրուած գործել եւ անշուշտ պէտք եղած առօրեայ կարիքները ապահովել:

Ազգային առաջնորդարանն ու Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը իրենց նպաստներով համայնքին կողմէ հոգատարութեան եւ վստահելիութեան մթնոլորտ կը ստեղծեն:

Մենք առանձին չենք. արդարեւ, միջկուսակցական եւ երեսփոխանական պլոքի ընդարձակ ժողովները բաց յայտարարուած են, որպէսզի մեր գաղութի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը երաշխաւորուի, եւ մեր հայորդիներուն կարիքներուն հասնինք:

Այսպէս, քաղաքական, ապահովական, առողջապահական, ընկերային, կրթական եւ հոգեւոր բոլոր մարզերուն հասնելու մեր վճռական կեցուածքը հաւատք եւ ուժ պէտք է տայ բոլորին:

Յակոբ Լատոյեան
Ազդակ
29 Հոկտեմբեր 2024

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ